Արամ Ա Վեհափառը հանդիպել է Լիմասոլում հայ համայնքին․
«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ, ժամանեց Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքը, Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան։ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մուտքին ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Յովհաննէս Ծայրագոյն Վարդապետ Սաղտըճեանի, հոգաբարձութեան անդամներուն եւ հայ համայնքի զաւակներուն կողմէ: Աղուհացի աւանդական օրհնութենէն ետք, եկեղեցւոյ դպրաց դասը «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ հայրապետական թափօրը առաջնորդեց եկեղեցւոյ դաս, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։
Ապա, ողջոյնի խօսք արտասանեց Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերաշնորհ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան եւ յանուն Լիմասոլի հայ համայնքին առողջութիւն, արեւշատութիւն եւ երկար ու բեղուն գահակալութիւն մաղթեց Հայրապետին:
Խօսք առաւ նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր սուրբը։ Ան ըսաւ, որ Լիմասոլի հայութիւնը ահաւասիկ համախմբուած է իր Հովուապետին շուրջ՝ լսելու անոր իմաստուն պատգամները ու ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը: Այս գաղութը, ինչպէս անցնող տարիներուն, այսօր եւս հաւատարմօրէն նեցուկ կը կանգնի եկեղեցւոյ բոլոր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն: Իր խօսքի աւարտին, հայր սուրբը առ Աստուած աղօթք բարձրացնելով՝ հայցեց Ամենակալէն, որ Նորին Սրբութեան քաջառողջութիւն եւ առաքինազարդ ու բեղուն գահակալութիւն շնորհէ։
Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական խօսքը ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին՝ ըսաւ. «ինծի համար յատուկ ուրախութիւն է դարձեալ գտնուիլ Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ՝ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն հետ: Եկեղեցին հաւատքի վրայ հիմնուած ժողովուրդ է եւ ո՛չ թէ սոսկ շէնք կամ վարչական կեդրոն է: Ձեր ներկայութեամբ այս սրբազան յարկը իր ճշմարիտ իմաստը կը ստանայ. եկեղեցւոյ համայնական կեանքին ձեր մասնակցութեամբ Աստուծոյ կը միանաք եւ կը դառնաք ճշմարիտ եկեղեցի: Եկեղեցւոյ մեծութիւնը կամ փոքրութիւնը, տեղը կամ նիւթական կարողութիւնը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն, որովհետեւ եկեղեցին ո՛ւր որ ալ ըլլայ՝ Աստուծոյ ու մեր ազգին տունն է: Մենք որքան այս տան մէջ ըլլանք ու Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրինք, Աստուծմով կը զօրանանք եւ մեր հոգեւոր կեանքը կը վերանորոգենք: Հետեւաբար, իմ սպասումս է, որ եկեղեցւոյ կեանքին բերէք գործօն ձեր մասնակցութիւնը»:
Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան խօսքէն ետք, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գողտրիկ յայտագիր մը, որու աւարտին հաւատացեալները առիթ ունեցան մօտենալու Հայրապետին եւ ստանալու անոր օրհնութիւնը»։










